2014-12-02 12:50:25

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2 դեկեմբերի քարոզը` ''Երանի հոգիով աղքատներուն''։


(Ռ.Վ. 2 դեկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2014ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած պատարագի քարոզին մէջ ըսաւ՝
Այն անձը, որ Աստուծոյ խորհուրդը կ՚՚ուսումնասիրէ, ծունկի կու գայ, որովհետեւ Աստուած խոնարհ սրտի մը աւելի սիրով կը յայտնէ ինքզինք։
Չքաւորի մը աչքերը աւելի ատակ են տեսնելու Քրիստոս եւ Քրիստոսի միջոցաւ՝ ճանչնալ Աստուծոյ պատկերը։ Անոնք, որոնք կը կարծեն անձնական ընդունակութեամբ ճանչնալ այս խորհուդը՝ պէտք է նախ խոնարհին եւ ծունկի գան՝ համեստութեամբ։
Այս խօսքերը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Ղուկաս Աւետարանի հատուածին, ուր Յիսուս կը բացագանչէ “Շնորհակալ եմ Հայր, Տէր երկնքի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ յայտնեցիր մանուկներուն։” (Ղուկ ժ. 21)
Ապա շարունակեց Սրբազան Հայրը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը կը պատկանի անոնց, որոնք “աղքատ են հոգիով”։ Յիսուս մեզի ճանչնալ կու տայ Հայրը, սակայն անոնց միայն որոնք խոնարհ են սրտով, որոնք կարիքը կը զգան աղօթելու եւ բացուելու Աստուծոյ, որոնք կը զգան թէ աղքատ են, ինչպէս Յիսուս կ՚ըսէ Երանելիներու առաջին կէտին մէջ՝ “Երանի աղքատաց հոգուով։”
Հետեւաբար՝ աղքատութիւնը պարգեւ մըն է՝ բանալու Աստուծոյ խորհուրդի դուռը։ Պարգեւ մը, որ երբեմն կրնայ բացակայիլ այն անձէն որ ինքզինք նուիրած է գիտութեան։
Շատեր կրնան հմուտ ըլլալ գիտութեան, նաեւ աստուածաբանութեան։ Բայց եթէ այդ ամէնը չկատարուի ծնրադիր դիրքով եւ խոնարհութեամբ ոչինչ պիտի հասկնանաք։
Քրիստոս ալ մեզի կը յայտնուի խոնարհութեամբ, իբր ծիլ մը, ինչպէս կը կարդանք Եսայի Մարգարէի ընթերցուածին մէջ՝ “Ծիլ մը պիտի ընձիւղի Յեսսէի գաւազանի արմատէն եւ ծաղիկ մը պիտի ելլէ այդ արմատէն։” (Ես ԺԱ. 1)։ Իր խոնարհութեամբ Յիսուս կը բերէ փրկութիւն աղքատներուն, բուժում հիւանդներուն եւ մեղաւորներուն։
Խնդրենք Տիրոջմէ, որ Ս. Ծննդեան պատրաստութեան այս շրջանին միշտ աւելի մօտենանք իրեն՝ խոնարհութեան ճանապարհով, հեզութեան ճանապարհով, աղքատութեան ճանապարհով եւ զղջացեալ հոգիի ճանապարհով, որպէսզի Տէրը մեզ փրկէ եւ ազատէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.